Naissance le 15 janvier 1926 à Constantinople
Արամ Գամպուրեան ծնած է 15 Յունուար 1926-ին, Պոլիս: Յաճախած է Լուսաւորչեան մանկապարտէզը Ազնիւ եւ Սաթենիկ Դպիրեան քոյրերու շրջանին, յետոյ «Նոր դպրոց» Յովհաննէս Թ. Հինդլեանի տնօրէնութեան օրերուն:
Միջնակարգ եւ լիսէի ուսումը ստացած է Վիեննական մխիթարեան վարժարանին մէջ (Հմայեակ ծ. վրդ. Համբարեանի եւ Կարապետ Քիւրքճեանի շրջան), զոր աւարտած է 1944-ին: Նոյն տարին մուտք գործած է Պոլսոյ թեքնիք համալսարան, ուրկէ վկայուած է 1950 փետրուարին` որպէս ճարտարապետ:
Աշխատած է պեթոն արմէ շէնքերու ծրագրաւորման մարզին մէջ: 1961-1978 թուականներու միջեւ իր ասպարէզին քովն ի վեր պաշտօնավարած է Էսայեան լիսէի մէջ` որպէս երկրաչափութեան դասախօս:
1974-էն ի վեր կ՛անդամակցի Ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան, ուր ստանձնած է ատենադպիրի պաշտօնը:
2002-ին հրատարակուած է իր ճամբորդական տպաւորութիւններու առաջին գիրքը` «Ուխտագնացութիւններ եւ ուղեւորութիւններ» անուան տակ:
2005-ին լոյս տեսաւ իր երկրորդ գիրքը` «Ճամբարներ նոր ու անվերջանալի»:
2008-ին հեղինակը հրապարակ հանեց իր երրորդ գիրքը` «Թարգմանութիւններ եւ ուղեւորութիւններ»: