Naissance le 25 mars 1949 à Kharpert, décès en 1939.
Սահակ Բ. Խապայեան Կաթողիկոս Խապայեան ծնեալ` Խարբերդ 1849-ին, եղած է ամէնէն տառապած ու վշտակիր Կաթողիկոսը: Ան վանական կրթութիւն ստանալէ ետք` 1902-ին Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ընտրուած է եւ 1903-ին օծուած Սիսի մէջ:
Կաթողիկոսի ընտրութեան ժամանակ միաբանութիւնը կը գտնուէր խեղճ վիճակի մէջ, հոն կային երկու կիսաւեր վանքեր, գրեթէ անբնակելի եւ աւերակ մատուռներ, վրայ կը հասնի 1909-ի Ատանայի կոտորածը եւ Ապրիլեան Եղեռնը: Սահակ Կաթողիկոս կ՛աքսորուի Հալէպ, Իտլիպ, Դամասկոս եւ այսպէս չորս տարի տարագրութենէ ետք, կրկին կը վերադառնայ Կիլիկիա: 1920-ին, կը փութայ Փարիզ` օգնութիւն խնդրելու, սակայն ապարդիւն: Ան կը մնայ ժողովուրդին հետ միշտ մխիթարելով զայն, մինչեւ Կիլիկիոյ վերջնական պարպումը 1921-ին: Նոյն թուականին կը հաստատուի Հալէպ եւ կը վերականգնէ Առաջնորդարանը:
Սահակ Կաթողիկոս 1923-ին օրհնեց առաջին Ս. Միւռոնը: 1928-ին հրապարակեց «Կտակ» գրութիւնը: 1930-ին ան վերջնականապէս հաստատուեցաւ Անթիլիաս, հիմնեց Դպրեվանք, տպարան, մատենադարան, գանձատուն: Եւ այսպէս կրկին անգամ ղօղանջեցին զանգերը, վկայելով ջարդուած, բայց չմեռած ու չմեռնող-գոյատեւող ժողովուրդի ձայնը:
1931 թուականին, Հալէպի մէջ կայացած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ պատգամաւորական ժողովին, Բաբգէն Ա. Կիւլէսէրեան Աթոռակից Կաթողիկոս կ՛ընտըրուի եւ կ՛օծուի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ մէջ, որ պատմութեան մէջ հանդիսացած է նաեւ կաթողիկոսանիստ եկեղեցի:
Այսպիսով Սահակ եւ Բաբգէն կաթողիկոսներ կը սկսին իրենց կազմակերպչական ու վերաշինութեան աշխատանքները: Կը հրատարակեն «Հասկ» ամսագիրը, բերել կու տան Լուսաւորիչի աջը, կը մշակեն միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններ, կը հիմնեն Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցներ, կը գումարեն եպիսկոպոսական ժողովներ, կը կատարեն թեմական այցելութիւններ:
Սահակ Կաթողիկոս հազիւ սկսած էր իր վիշտերը ամոքելու, կը վախճանի Բաբգէն Կաթողիկոս 68 տարեկան հասակին:
Սահակ Կաթողիկոս կը վախճանի Յուլիս ամսուան 1939-ին: