L'auteur / Հեղինակ | |
Naissance le 17 mai 1929 à Alexandrette (Égypte), décès le 22 juillet 2019 à Los Angeles (États-Unis d'Amérique). Կարօ Պետրոսեան շրջանաւարտ է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքէն։ Իր սերնդակերտ ծառայութիւնը սկսած է 1950-էն, իբրեւ ուսուցիչ, փոխ-տնօրէն եւ տնօրէն Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքի ազգային վարժարանին, ապա Պէյրութի Հայ Աւետարանական Գոլէճին մէջ. 1964-էն սկսեալ շուրջ 15 տարիներ վարած է տնօրէնութիւնը նորահաստատ Ազգային Լեւոն եւ ՍոՖիա Յակոբեան Գոլէճին։ Այնուհետեւ, 1978-էն սկսեալ, շուրջ երեք տասնամեակներ իր ծառայութիւնը շարունակած է Թեմիս Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի մէջ իբրեւ Հայոց լեզուի, գրականութեան եւ պատմութեան ուսուցիչ եւ հայկական բաժանմունքի պատասխանատու։ Կարօ Պետրոսեան իր կրթական ասպարէզի կողքին, ունեցած է ազգային բեղուն գործունէութիւն։ Հեղինակ է կրօնական եւ պատմական հատորներու, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ յօդուածներու ու հրապարակախօսութիւններու հայ պարբերական մամուլին մէջ։ Կրթական համակարգի տասնամեակներու իր նուիրեալ ծառայութեանց համար արժանացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին, Սփիւռքահայութեան հետ կապերու կոմիտէի կողմէ «Մէկ Ժողովուրդ, Մէկ Հայրենիք Պատուոյ Գիր»ին, Հ.Հ. Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ «Պատուոյ Գիր»ի, Ազգային Առաջնորդարանի կողմէ «Օրհնութեան Գիր»ի եւ այլ մեծաթիւ գնահատանքներու զանազան Կրթական ու մշակութային հաստատութիւններու կողմէ։ |
|
Retour à l'Index des auteurs en arménien Accueil des catalogues en ligne |