L'auteur / Հեղինակ | |
Naissance en 1923 sur l'Ile de Mytilène (Grèce), décès le 24 mars 2016 à Nicosie (Chypre). Ընկ. Սմբատ Տէվլեթեան, գրական անունով Տէրունեան՝ ծնած է 1923-ին, Լիզպոս կղզի, Յունաստան: Նախնական ուսումը յունական տեղական վարժարանի մէջ ստանալէ ետք, միջնակարգ եւ երկրորդական ուսման համար կ’անցնի Կիպրոս՝ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւն: Իրաւաբանական բարձրագոյն ուսումը կը ստանայ Անգլիոյ մէջ, աւարտելով Լոնտոնի Համալսա-րանի իրաւագիտութեան բաժինը: Ամբողջ կեանք մը գործած է որպէս փաստաբան, նոյն ժամանակ տրամադրելով գիտելիքներու իր հարուստ պաշարը կիպրահայ համայնքի կեանքին: Նիկոսիոյ ՌԱԿ «Վահան Թէքէեան» ակումբէն ներս վարած է պատասխանատու պաշտօններ: Եղած է կիպրահայ ազգային վարժարաններու հոգաբարձութեան ատենապետ եւ ՀԲԸՄ-ի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան հոգաբարձական կազմի անդամ: Ընկեր Տէրունեան որպէս բանաստեղծ եւ հրապարակագիր երկու անգամ հրաւիրուած է Խորհրդային Հայաստանի գրողներու համագումարներուն: Տասնամեակներ շարունակ ռամկավար-ազատական մամուլէն ներս եղած է մնայուն գրիչ, մասնաւորաբար իր աշխատակցութիւնը բերելով Պէյրութի «Զարթօնք» օրաթերթին եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Շիրակ» գրական ամսագիրին: 1942-ին կեանքի ընկեր կ’ընտրէ Թագուհի Պչաքճեանը (մահացած 2013-ին): Իրենց որդին՝ ընկեր Ասատուր Տէվլեթեան ծնողներուն նման մելգոնեանցի է եւ գրաւած պատասխանատու պաշտօններ ՌԱԿ-ի ղեկավարութեան մէջ: Այս տխուր առիթով ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալ Ընկ. Սմբատ Տէվլեթեանի որդւոյն՝ ընկեր Ասա-տուր Տէվլեթեանին, հարազատ-ներուն, ինչպէս նաեւ կիպրահայ ու աշխարհատարած մեր համայն շրջանակներու անդամակցութեան: |
|
Retour à l'Index des auteurs en arménien Accueil des catalogues en ligne |