Naissance le 27 avril 1922 à Constantinople (Turquie), décès en juillet 1988 au Liban
Article de la revue Gamk, 17 juillet 1988
ՊՕՂՈՍ ՎՐԴ. ԱՆԱՆԵԱՆ
Մխիթարեան Միաբանութիւնը խոր սուգի մատնուած է: Վենետիկի մէջ վախճանեցաւ իր նախկին Աբբահայր՝ Հմուտ Հայագէտ, պատմագէտ, ձեռագիրներու եւ կրօնական Հարցերու մասնագէտ Հայր Պօղոս Վրդ. Անանեան։ Ան իր աչքերր առ յաւէտ փակեց Երկուշաբթի, 6 Յուլիսին, 1998
Պէյրութի մէջ, ուր հասած էր միայն կարճ ատեն մր առաջ, ամառր Լիրանանի առողջարար ամարանոցին մէջ անցնելու համար։
Հանգուցեալ Աբբահայրը ծնած էր Պոլիս, 27 Ապրիլ 1922-ին։ Հազիւ 11 տարեկան էր, երբ անցած է Վենետիկ, միանալու Համար Մխիթարեան Միա-բանութեան։
Ան իր կեանքին մեծագոյն մասը անցուցած է սլատմական կղզիին մէջ, ուրկէ հեռացած է միայն Հռոմի մէջ իր ուսանողաեան տարիներուն (1940–էն 1946), ապա նաեւ Պապական Աթոռին մօտ Մխիթարեան Միաբանութեան գործակատարի իր պաշտօնի տարիներուն (1964–1970)։
Հայր Անանեան հմուտ էր աստուածաբանական եւ եկեղեցական հարցերու մէջ: Համեստ կրօնաւոր մրն էր, հետեւառար իրեն համար դժուար աարիներ էին աբբահայրութեան տարիները, որովհետեւ ինք աւելի գործող էր եւ գործադրող, քան թէ գործադրել տուող մը։ Ան ամբողջ 12 տարիներ (1970-1982) վարած է Մխիթարեան Միաբանութիւնը։
Հայագիտական իր ուսումնասիրութեանց ասպարէզը կը բացուի 1949–ին, երբ կը սկսի աշխատակցիլ «Բազմավէպ»ին։ Պրպտած է եւ հրատարակած նախնեաց հայրերու գործերը: Ընդարձակ ուսումնասիրութիւններ կատարած է Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչի, Մեսրոսլ Մաշտոցի, Վարդան Այգեկցիի եւ այլմատենագիրներու մասին: Աշխատակցած Է միջազգային շարք մը համայնագիտարաններու եւ նման տարողութեամբ հրատարակութիւններու: ԹԷեւ վերջին տասնամեակին, շաքարախտի հետեւանքով անոր առողջական վիճակը որոշ նահանջ արձանագրած էր, սակայն ան չդադրեցաւ իր պրպլտումներէն: Ան խոշորացոյցի օգնութեամբ. կը կատարէր իր աշխատանքները, որոնց ամենէն ուշագրաւ մէկ գիւտը եղաւ «Ս.Ղազարի մանրանկարչութեան» Բ. Հատորին Համար իր պատրաստած ներածականը, որուն մէջ ի վերջոյ կրցաւ ստուգել Մլքէ ԹագուՀիին վերագրուած Աւետարանին թուականը, որ Թ. դարէն անցաւ Զ. դար, դաոնալով Հայկական ամենէն Հին ձեռագիրը եւ աշխարՀի ամենէն Հին Աւետարաններէն մէկը։
Հանգուցեալ Աբբահօր յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Պէյրութի մէջ, Հինգշաբթի, 16 Յուլիսին, 1998-ին:
«ԿԱՄՔ» Օրաթերթ 17 Յուլիս, 1998